Բժիշկներ
Բժիշկ Յարութիւն Մինասեանի «111 Բռնադատուած Հայ Բժիշկներ․ 1920-1954» Գիրքը
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ, 24 Յուլիս 2022
Բժիշկ Յարութիւն Մինասեանի մասին գրած եմ «Հայրենի բազմավաստակ բժիշկ հոգեբուժ՝ Յարութիւն Մինասեան» խորագիրով «Բժիշկին Զ. Խօսքը» գրքիս մէջ, որ հրատարակուեցաւ 2022-ի Փետրուար ամսուն: Նոյն գրութիւնը լոյս տեսաւ նաեւ «Հայրենիք» շաբաթաթերթին մէջ 21 յունուար 2022-ին:
Հայրենաբնակ բժիշկ-հոգեբուժ Յարութիւն Մինասեան հրատարակած է այս գիրքը (246 էջ) 2006-ին Երեւան: Ան ձօնած է գիրքը պոլշեւիկեան եւ սթալինեան բռնապետութեան տարիներուն նահատակուած հայ բժիշկներու յիշատակին: Գիրքին յառաջաբանը գրած է հայրենի բանաստեղծ, ռազմական պատմաբան եւ «Ուխտատուն» թանգարան-հաստատութեան տնօրէն՝ Սասուն Գրիգորեանը:
Գիրքին շապիկին լուսանկարը
Գիրքի տպագրութիւնը հովանաւորած են՝ Հայ-ամերիկեան ընկերակցութեան կեդրոնի նախագահ՝ բարերար Օննիկ Մեհրաբեանը եւ ընկերակցութեան մշակութային կեդրոնի գործադիր տնօրէն՝ Արսէն Արք. Բերբերեանը:
Հեղինակը հանդէս եկած է նախ «Հեղինակի խօսքը»-ով եւ ետքը ներկայացուցած է 1920-1954 ժամանակաշրջանին 111 բռնադատուած հայ բժիշկներու կենսագրութեան:
Գիրքի վերջաւորութեան տեղադրուած են բռնադատուածներու հայերէն եւ անգլերէն անուանացանկը, «Վկայութիւններ Սեփական ժողովրդի ոչնչացման մասին» եւ «Մանկաբարձների եւ գինելոկների անդրկովկասեան 2-րդ համագումարի նիւթերից» գրութիւնները, հայերէն լեզուով գրքին ամփոփումը, անգլերէն լեզուով գրքին Abstract-ը, գրականութիւն եւ աղբիւրներ ինչպէս նաեւ հեղինակին հայերէն եւ անգլերէն լեզուով կենսագրութիւնը:
Կարդալէ ետք գիրքին յառաջաբանը, հեղինակին խօսքը եւ բժշկական մարզի մէջ գործող 111 բռնադատուած հայորդիներու կենսագրականները կ’ուզեմ ամփոփ կերպով խօսիլ այս գիրքի մասին իր ամբողջութեանը մէջ:
Գիրքը արդիւնքն է երեք տարիներու բծախնդիր պրպտումներու եւ ուսումնասիրութիւններու: Բժիշկ Յարութիւն Մինասեան հաւաքած է հսկայական փաստագրական տեղեկութիւններ: Ան օգտագործած է 78 հայկական եւ ռուսական աղբիւրներ: Ան ոչ միայն արխիւներուն մէջէն գտած է այս տեղեկութիւնները եւ իրադարձութիւնները, այլ ան գտած է եւ տեսակցութիւններ ունեցած է բռնադատուած ու գնդակահարուած բժիշկներու ժառանգորդներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն հետ:
Ան հաւաքած է տեղեկութիւններ հանդիպելով եւ հարցազրոյցներ ունենալով Սթալինեան բռնաճնշումներու զոհերուն անմիջական ժառանգորդներէն: Այս հարցազրոյցները դիւրին չեն եղած: Ան հանդիպած է շատ մը դժուարու-թիւններու: Ժառանգորդներէն շատեր վախնալով չեն արտայատուած, ուրիշներ տարեցութեան պատճառով շատ բան չեն յիշած եւ կամ սխալ տեղեկութիւններ տուած են: Մատնիչներու եւ զրպարտիչներու ժառանգորդներուն եւ հարազատներուն հետ հանդիպումներուն դէպքերուն կենսագրականներուն մէջ բժիշկը խուսափած է հարազատներուն անունները յիշելէ: Ան տեսած է, թէ մատնիչներու եւ զրպարտիչներու մեծ մասը Սթալինի մահէն ետք հրաժարած են իրենց ցուցմունքներէն պատճառաբանելով, որ ձեռագիրները իրենցը չեն եւ կամ անոնք ըսած են որ իրենք մատնութիւնները եւ զրպարտութիւնները ըրած են ճնշումի, ծեծի, խոշտանգումներու, ահաբեկութեան ենթարկուելէ ետք կամ աքսորուելու սպառնալիքի տակ:
Բժիշկը իրականացնելու համար այս աշխատանքը ուսումնասիրած է Հ․Հ․ Ազգային արխիւի, «Յուշամատեան» հայկական պատմա-լուսաւորչական ընկերութեան եւ «Ուխտատուն» թանգարան-հաստատութեան արխիւները, ինչպէս նաեւ շատ մը հիմնարկներու եւ կազմակերպութիւններու ու անհատ քաղաքացիներու անձնական արխիւները: Ան օգտագործած է նաեւ հանրագիտարաններ, կենսագրական, փաստագրական, յուշագրական, գեղարուեստական գրականութիւն եւ պարբերական մամուլը: Ան կատարած է այցելութիւններ, տեսակցութիւններ, հարցազրոյցներ, ձայնագրութիւն, լուսանկարահանում: Հանդիպած է բռնադատուածներուն հետ, կամ անոնց հարազատներուն հետ, ունկնդրած է բոլորը, նօթագրած է, լսած անոնց տխուր աննկարագրելի յուշերը:
Բժիշկ Յարութիւն Մնասեան միակը եղած է, որ աշխարհ լոյս բեռած է այս քստմնելի տեղեկութիւնները: Քիչեր քաջութիւնը ունեցած են խօսելու, գրելու, արտայայտուելու եւ ի յայտ բերելու այդ ժամանակահատուածի իրականութիւնները: Միչեւ այս գիրքին հրատարակումը խորհրդային տարիներուն իրապէս բռնադատուած, աքսորուած, աքսորավայրերու մէջ մեռած, գնդակահարուած եւ կամ անհետ կորած տասնեակ հազարաւոր հայորդիներու անուանացանկը չէ յայտնաբերուած:
Հաւաքած է աւելի քան 270 մարդու կենսագրականները, սակայն այս գիրքին մէջ տեղադրած է միայն 111 կենսագրական: Ան արդէն հրատարակած է «222 բռնադատուած հայ բժիշկներ, 1920-1954 կենսագրական բառարան», գիրք Բ» գիրքը:
Այս գործը՝ գտնել, հաւաքել, մէկ տեղ բերել հազարաւոր հայ բուժաշխատողներու տեղեկութիւնները առանցնայատուկ աշխատանք է եւ հսկայ գործ:
Բժիշկ Յարութիւն Մինասեան տարած է վիթխարի աշխատանք: Կարելի է նկատել զինք այդ ժամանակաշրջանի անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող իրաւ Հայ Մարդը:
Բռնադատուածները ենթարկուած են քաղաքական բռնաճնշումներու, աքսորի եւ գնդակահարումի: Այս իրադարձութիւնները տեղ գտած են եւ արձանագրուած են Խ․Ս․Հ․Մ․ պետական անվտանգութեան, ներքին գործերու եւ դատախազութեան արխիւներուն մէջ, որոնք այդ շրջանին անհասանելի եղած են, ետքը մասամբ մը յայտնաբերուած են:
Բռնադատուածներուն մեծ մասը իրենց աքսորավայրերուն մէջ աշխատած են որպէս բժիշկ եւ մեծ ծառայութիւններ կատարած են իրենց շրջապատին: Անոնք տարիներ ետք ազատ արձակուած են եւ վերադարձած իրենց ծննդավայրը եւ շարունակած են իրենց ասպարէզը: Շատեր իրենց աքսորավայրերուն մէջ ենթարկուած են տաժանակիր աշխատանքի եւ ուրիշներ մնացած են կալանքի տակ: Ոմանք ալ գնդակահարուած են:
Գիրքին մէջ կան անուանի եւ երեւելի անձնաւորութիւններու յիշատակելի անուններ: Հոն տեղադրուած են նաեւ այնպիսի անձերու անունները, որոնք այդ դաժան տարիներուն իրենց ամբողջ կեանքի ուժականութիւնը կուրօրէն գործածած են ի շահ կոմինիստական կուսակցութեան եւ իրենց անձնական շահերուն համար խաղաղ մարդոց կեանքը չեն խնայած ու քանթած են անոնց ապագան:
Բժիշկ Յարութիւն Մինասեանին նպատակը եղած է մարդոց կենսագրու-թիւններու միջոցաւ ցոյց տալ խորհրդային իշխանութեան դաժան ժամանա-կաշրջանին իրական իրավիճակը՝ ինչպէս մէկ կամ մի քանի մարդոց իբրեւ թէ ղեկավար բանաւոր կամ գրաւոր բացայայտ կեղծ ցուցմունքի վրայ հիմնուած, առանց փաստերու մարդոց ձեռբակալած են, բանտարկած են, աքսորած են, կամ գնդակահարած են: Գործադրուած են դաժան եւ անմարդկային միջոցառումներ հարիւրաւոր անմեղներու վրայ որպէսզի խոստովանին իրենց չկատարած յանցանքները:
Ահաւասիկ բռնադատուածներու կենսագրութիւններուն մէջ յիշատակուած ձերբակալութիւններու եւ դատապարտութիւններու պատճառաբանութիւններէն օրինակներ՝
-Նախկին դաշնակցական.
-Դաշնակցական ընտանիքի անդամ.
-Դաշնակցական կուսակցութեան անդամ.
-Նախկին դաշնակցականի ժառանգորդ.
-Ժողովուրդի թշնամի.
-Ժողովուրդի թշնամի եւ դաշնակցականի ընտանիքի անդամ.
-Թրքահպատակ ըլլալով եւ խորհրդային քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու ուշացումով.
-Հեռաւոր ազգականի մատնութեամբ՝ նախկին դաշնակցականի ժառանգորդ.
-Իմացած է սակայն պետութեան չէ տեղեկացուցած դաշնակցական ընդհատակեայ կազմակերպութեան գոյութեան մասին եւ որ ունեցած է հակախորհրդային տրամադրութիւններ, համագործակցած է դաշնակներու հետ, կազմակերպած է հակասովետական ընդհատակեայ զինուած խմբակ, գիւղացիներուն նախապատրաստած է զինուած ապստամբութեան:
-Իրանահպատակ ըլլալով հանդերձ առանց քաղաքացիութիւն ունենալու Խորհրդային Միութեան մէջ անօրինական բնակած է եւ անձնագրային օրէնքներուն չէ ենթարկուած, նաեւ որ ան ռուսատառ «մետալիստ» թերթին յօդուած տպագրած է որ ԽՍՀՄ սահմանադրութեան մէջ «աշխատաւորներու եւ գիւղացիներու միութիւն» բառակապակցութեան մէջ անհրաժեշտ է աւելցնել «մտաւորական» բառը:
– Հակայեղափոխական եւ հակախորհրդային գործունէութեամբ զբաղած է.
-Հայրը երիտասարդ տարիներուն հարած է դաշնակցական կուսակցութեան ըստ իրավապահ մարմիններուն.
-Արտասահմանեան լրտես եւ «ժողովուրդի թշնամի».
-Ընդհատակեայ դաշնակցական կազմակերպութեան գործիչ եւ գործօն անդամ, իր կազմակերպութեան մէջ նորանոր անդամներ ներգրաւող, հակայեղափոխական եւ խորհրդային իշխանութեան համար վտանգաւոր տարր:
-Հակայեղափոխական, ահաբեկչական տրամադրութիւններ ունեցող, հակայեղափոխականներու հետ կապակցութիւն ունեցող, պետական մարմին-ներու հասցէին զրպարտութիւններ տարածող եւ խորհրդային ղեկավարներու յատկապէս կուսակցութեան առաջնորդի հասցէին անպարկեշտ արտայայտութիւններ կատարող, ապօրինի զէնք պահող:
-Խորհրդային երկիրը վարկաբեկող.
-Իր տան մէջ արգիլուած դաշնակցական գրականութիւն պահող, դաշնակցական, գործօն դաշնակցական գործիչներու հետ կապեր պահող, խորհրդային կարգերը տապալելու աշխատանքներու մասնակցող:
-Հակախորհրդային տարաձայնութիւններ տարածող, ֆաշիստական գաղա-փարներ տարածող, շրջանի ատրպէյճանցի բնակչութեան նկատմամբ ատելութիւն ունեցող, հայերու եւ ատրպէյճացիներու միջեւ ազգամիչեան ատելութիւն սերմանող.
-Արտասահմանեան երկրի մը լրտես, ահաբեկչական, հակայեղափոխական ազգայնամոլական կազմակերպութեան անդամ, հակախորհրդային գոործունէութեամբ զբաղող, լրտեսական-հետախուզական գործունէութիւն ունեցող.
111 կենսագրականները ներկայացուած են 1-5 էջերով: Այս բռնադատուած-ներուն մեծամասնութիւնը եղած են հմուտ, մասնագէտ բժիշկներ, հանրային ծառայողներ եւ ազգային գործիչներ: Անոնցմէ շատերը աքսորի մէջ բանտարկուած են եւ ենթարկուած են զանազան տեսակի, չարչարանքներու ու զրկանքներու: Ուրիշներ կալանաւորուած են եւ ապրած են դաժան պայմաններու մէջ: Անոնք որոնք ազատ արձակուած են բանտէն գործած են որպէս բժիշկներ իրենց աքսորավայրերուն մէջ: Անշուշտ եղած են գնդակահարումներ: Բռնադատուածներէն մաս մը մահացած են իրենց աքսորավայրերուն մէջ, իսկ մնացեալը ի վերջոյ ազատ արձակուած են աքսորէն եւ վերադառնալով իրենց ծննդավայրը աշխատած են իրենց ասպարէզին մէջ:
Այժմ կ’ուզեմ ընթերցողին հրամցնել 111 կենսագրականներէն կարճ կենսագրական մը՝
Աղաջանով Հայկ Ալեքսանտտր. Ծնած է 1895 թուին Գանձակ. Բարձրագոյն բժշկական ուսումը ստացած է հաւանաբար Տոնի Ռոստով: 1920-ին վերադարձած է Գանձակ եւ աշխատած է գանձակի փոլիքլինիկայի մէջ, իբրեւ գլխաւոր բժիշկ։ Եղած է ազնուական, յարգուած ու սիրուած անձնաւորութիւն, հրաշալի ու բարեխիղճ բժիշկ: Մասնագիտական անշահախնդիր օգնութիւն ցուցաբերած է բոլոր համաքաղաքացիներուն անխտիր: 1949-ին հեռաւոր ազգականի մատնութեամբ ձերբակալուած է մեղադրուելով՝ որպէս նախկին դաշնակցականի ժառանգորդ: Շուտով իր զաւկին հետ աքսորուած է Սիպերիա, Ալթայի երկրամասի Ալէքս քաղաքը: 1949-54 աշխատած է շաքարի գործարանին մէջ որպէս բժիշկ: 1954-ին արդարացուած է եւ վերադարձած է Կիրովապատ, ուր աշխատած է հիւանդանոցին մէջ: Ան շարունակ ապրած է վախի եւ սարսափի մէջ որպէս «ժողովուրդի թշնամի»: Մահացած է 1960-ին Կիրովապատի մէջ:
Բռնադատուած հայ բժիշկները մէկ պզտիկ մասնիկն են այդ ժամանակահատուածին մէջ Սթալինեան բռնապետութեան ընթացքին հարիւր հազարներով բռնադատուած, գնդակահարուած եւ սպաննուած Հայաստան աշխարհին մէջ ապրող անմեղ հայորդիներուն: Այս առնչութեամբ խիստ կարեւոր կը գտնեմ գիրքի վերջաւորութեան տեղադրուած «Վկայութիւններ սեփական ժողովրդի ոչնչացման մասին» գրութիւնը: Ահաւասիկ այդ գրութիւնը՝
1937թ. Յուլիսի 2-ին Ստալինի ստորագրութեամբ հրապարակուեց Համամիութենական կոմումիստական (պոլշեւիկեան) կուսակցության կեդրոնական կոմիտէի որոշումը «ժողովրդի թշնամիների» նկատմամբ զանգուածային հալածանքների, բանտարկութիւնների, գնդակահարութիւնների մասին, որոնք անյապաղ կիռարուեցին սեփական ժողովրդի նկատմամբ: Այդ հրեշաւոր որոշման համաձայն, միայն մէկ ամսուն հալածանքների ենթարկուեցին 268 900 մարդ, որից 75 950-ը գնդակահարուեցին:
Սակայն զարմանալին այն է, որ այս թիւերը կուսակցական եւ ներքին գործերի մարմինների աշխատակիցների համար քիչ թուացին, եւ նրանք շարունակեցին կատարել իրենց սեւ գործը՝ Քրեմլին խնդրելով թոյլ տալ աւելացնել զոհերի թիւը:
Այսպիսով Յուլիս 1937-ից սկսած մարդկանց կոտորածը երկարացոըեց եւս 15 ամսով, սեփական ժողովրդից խլելով լրացուցիչ հազարաւոր կեանքեր:
Կուսակցութեան եւ պետութեան կազմակերպած բռնութիւնների թեքնոլոկիան զարմանալիօրէն պարզ էր: Հանրապետութիւնների, երկրամասերի, մարզերի, ղեկավարները դիմում էին Քաղբիւրօ, մատնանշելով, որ «ժողովրդի թշնամիները» դերեւս իսպառ չեն վերացրել եւ խնդրում են թոյլ տալ խոշտանգել Քրեմլի կողմից սահմանուած թուից աւելի մարդկանց: Կարծես «սոցիալիստական մրցութիւն» էր ընթանում, թէ ով աւելի շատ եւ աւելի շուտ կը կոտորի սեփական երկրի մարդկանց:
Խ․Ս․Հ․ Միութեան բոլոր ծայրերից դէպի Մոսկուա էին գնում նորանոր պահանջագրեր, որոնց բովանդակութիւնն այսպիսին էր. «Խնդրում ենք թոյլ տալ առաջին կարգով (իմա՝ գնդակահարել) բռնարքների ենթարկել 1000, 2000, 5000, 8000 մարդու»: Կան նաեւ երկրորդ կարգի (իմա՝ բանտարկելու) վերաբերյալ խնդրագրեր, որի համաձայն բեռնատար վակոններով դէպի Սիպիրի դժոխային համակեդրոնացման ճամբարներն էին ուղարկւում 100 000-աւոր անմեղ մարդիկ: Եւ այդ թոյլտւութիւնները Քրեմլը չէր ուշացնում:
Ընթերցողի ուշադրույան ենք ներկայացնում Խ․Ս․Կ․Կ․ «նախագահական» արխիւից հանուած բազմաթիւ փաստաթղթերից մէկը, որ առնչւում է Հայաստանին:
«Խիստ գաղտնի: Խ․Ս․Հ․Մ․ ներքին գործերի ժողովրդական կոմիսատ, ծածկագիր, մուտք N 33537: Համկ(բ)ԿԿԿ. Ընկ. Ստալինին, ներքգործժողկոմատ, ընկ. Եժովին: Հայաստանի իրական զտման համար խնդրում ենք թոյլ տալ լրացուցիչ գնդակահարել 700 մարդ՝ դաշնակցականներից եւ հակասովետական այլ տարրից:
Թույլտւութիւնը, որը տրուած էր առաջին կարգի 500 մարդու համար, արդէն սպառուած է: Միկոյեան, Մալենկով, Լիտվին: 22 Սեպտեմբերի 1937 թ. N13»:
Պատասխան՝
«Խիստ գաղտնի: համամիութենական կոմունիստտական (պոլշեւիկեան) կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէ: 24 Սեպտեմբերի, 1937թ., ընկ. Եժովին: Քաղուացք Համկ(բ)Կ ԿԿ Քաղբիւրի նիստ N 54 արձանագրութիւնից՝ Հակասովետական տարրերի մասին Թոյլատրել Հայաստանի Կ(բ)Կ կենտկոմին առաջին կարգի հետապնդուողների թիվը աւելացնել 1500 մարդով: ԿԿ քարտուղար»:
Այս որոշումը անմիջապես ուղարկվել է Երեւան եւ հաջորդ օրն իսկ սկսվել է գնդակահարությունների նոր ալիքը:
Ըստ «Ազգ» (11-07-1992), «Երկիր) (11-07-1992) թերթերի
Վերոյիշեալ գրութեան մեկնաբանութիւնները կը ձգեմ ընթերցողներուն:
Այս գիրքը կը նկատեմ խիստ հետաքրքրական եւ կարեւոր:
Շնորհակալութիւն յարգելի գործընկեր բժիշկ Յարութիւն Մինասեան: Վարձքդ կատար: Գրիչդ անսպառ:
Կարդացեք նաև
84-ամյա անվանի բժիշկ-գիտնական Հայրապետ Գալստյանը կյանքի 64 տարիները նվիրել է մարդկանց կյանքերի փրկության կարևոր գործին...
Սիրելի՛ համալսարանականներ, ձեր ուշադրությանն ենք ներկայացնում բժշկագիտության մեջ մեծ ավանդ ունեցած ևս 10 հայ կին գիտնականի անուն...
Վալենտին Իվանովիչ Դիկուլը ծնվել է 1948 թ. ապրիլի 3-ին Կաունաս (Լիտվա) քաղաքում: Ծնողների մահվան պատճառով տղան ապրել է մանկատանը: Այնտեղ նա սովորել է ձեռնածություն և ակրոբատիկա...
Նոբելյան առաջին հայազգի դափնեկիր, Երևանի Մխիթար Հերացու անվան պետական բժշկական համալսարանի պատվավոր դոկտոր, ամերիկահայ ականավոր գիտնական...
Երևանի բժշկական ինստիտուտի բուժական ֆակուլտետում Գագիկ Բազիկյանը սովորել է 1966-1972 թվականներին: 1973 թվականին նա ընդունվել է Ռենտգենոլոգիայի և օնկոլոգիայի ինստիտուտ...
Խոսենք «Արմենիա» ՀԲԿ արյան ծառայության մասին:
Կենտրոնում կատարվում են արյան հետ կապված այն գործառույթները, որոնք իրականացվում են...
Մեդ-Պրակտիկ թիմի կողմից որոշում կայացվեց 2007 թվականին հրապարակվող «Ֆարմացևտ պրակտիկ» պարբերականի շրջանակում պրոֆեսոր Արմեն Չարչյանին հարցազրույցի ժամանակ հնչած...
Մաշտոցի պողոտայով զբոսնելիս դժվար թե որևէ մեկն անտարբեր անցնի ծաղկեփունջը ձեռքին սպասող կամ անհանգստությամբ լցված հայրիկների, ծննդկանի հարազատների կողքով...
Պրոֆեսոր Զարեհ Տեր-Ավետիքյանը Հայաստանի առողջապահության ոլորտի, բժշկագիտության նվիրյալներից է, որը մինչ օրս աշխատում է՝ բժշկական գիտելիքներով զինելով ապագա բժիշկներին, փրկելով բազմաթիվ կյանքեր...
Կանանց առողջությանը և մայրությանը վերաբերող հարցերը բժշկական գիտությունների դոկտոր, ԵՊԲՀ մասնագիտական և շարունակական կրթության կենտրոնի մանկաբարձության և գինեկոլոգիայի ամբիոնի պրոֆեսոր...
ԵՊԲՀ-ն հիշում ու գնահատում է իր նվիրյալներին, արժևորում նրանց կատարած տեսական ու գործնական աշխատանքը, տարիների վաստակը և փոխանցում նոր սերնդին՝ կոչումով բժշկի առաքելությունը շարունակելու...
«Արմենիա» հանրապետական բժշկական կենտրոնի դիմածնոտային վիրաբուժության բաժանմունքի ղեկավար, դիմածնոտային վիրաբույժ, բժշկական գիտությունների թեկնածու, դոցենտ Արեգ Սեփյանը զբաղվում է դիմածնոտային...
Դեռևս 2019 թ. դեկտեմբերին կայացած Հայկական բժշկական ասոցիացիայի և առողջապահության ոլորտի մասնագիտական ասոցիացիաների համատեղ կազմակերպված խորհրդաժողովի ընթացքում քննարկվեց...
Առաջին հանդիպումս բժիշկ հոգեբոյժ Յարութիւն Մինասեանին հետ եղաւ 2017-ի վերջաւորութեան դիմատետրի բարիքներուն շնորհիւ, երբ «Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին»...
ԱՄԵՆԱԸՆԹԵՐՑՎԱԾ ՀՈԴՎԱԾՆԵՐԸ
- Ժողովրդական դեղամիջոցներ
- Հղիություն. 4-րդ ամիս
- Հղիություն. 7-րդ ամիս
- Կոճապղպեղ նույնն է՝ իմբիր, Ginger եւ Zingiber Officinale
- «Արագիլ» հիմնադրամը ստեղծված է՝ օգնելու անպտղությամբ տառապող զույգերին. Կարինե Թոխունց
- Հղիություն. 6-րդ ամիս
- Հղիություն. 2-րդ ամիս
- 4-7 ամսական երեխաների սնուցումը
- Ամուսնական առաջին գիշերը
- Ընկերության մասին
- Ինչպես ազատվել անցանկալի մազերից
- Խնձորը` պզուկների դեմ. ազատվիր նրանցից 1 գիշերվա ընթացքում
- Պարզվում է ապագա երեխայի սեռը կախված է մայրիկի սնունդից
- Դդում
- Կոճապղպեղ՝ նիհարելու համար (կոճապղպեղի թեյ)
- Հիվանդություն, որը փոխում է մեր կյանքը` կրծագեղձի քաղցկեղ
- Սեռական գրգռում
- Արգանդի միոմա. նախանշանները, պատճառներն ու բուժումը
- Երիցուկ դեղատնային - Ромашка аптечная - Matricaria chamomilla L.
- Չիչխանի օգտակար հատկությունները
- Հղիություն. 1-ին ամիս
- Քարավուզ (նույն ինքը՝ նեխուր)
- Ինչպես ազատվել բերանի վատ հոտից`պարզ միջոց
- Դիմակներ` մազերի համար
- Կրծքի ցավե՞ր ունեք. ինչ անել
- Ընդհանուր տեղեկություններ մարմնի համակարգերի մասին
- Հեշտոցային արտադրության պատճառները. մասնագետի անդրադարձը
- Բերանի խոռոչի լորձաթաղանթի ախտահարումը սովորական բշտախտի ժամանակ (սկիզբը` նախորդ համարում)
- Ընտրություն ըստ հորոսկոպի
- Հիվանդություն, որի համար պետք չէ ամաչել (թութք)
- Հղիությունը և նախապատրաստվելը դրան
- Խոսենք այդ մասին. ձեռնաշարժություն
- Երբ գլխացավն ախտանիշ է: Հանճարեղ և օժտված մարդկանց հիվանդություն
- Լեղաքարային հիվանդություն. բուժման մեթոդները
- Սեռական թուլության առաջին նախանշանները. news.am
- Ուլտրաձայնային դոպլերոգրաֆիա (երկակի (դուպլեքս) անոթների)
- Էկզեմայի տեսակները և բուժումը
- ՈւՆԱԲԻ: Արևելյան բժշկության գաղտնիքները
- Իրիդիոսքրինինգ
- Գամմա-դանակը նշտարի փոխարեն