Med-Practic
Նվիրվում է վաստակաշատ ուսուցիչ Գրիգոր Շահյանին

Իրադարձություններ

Հայտարարություններ

Մեր հյուրն է

Հրատապ թեմա

Բժիշկներ

Հայրենի Բազմավաստակ Բժիշկ Հոգեբոյժ՝ Յարութիւն Մինասեան. hairenikweekly.com

Հայրենի Բազմավաստակ Բժիշկ Հոգեբոյժ՝ Յարութիւն Մինասեան. hairenikweekly.com

Առաջին հանդիպումս բժիշկ հոգեբոյժ Յարութիւն Մինասեանին հետ եղաւ 2017-ի վերջաւորութեան դիմատետրի բարիքներուն շնորհիւ, երբ «Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին» գիրքիս պատրաստութեան մէջ էի: Մեծապէս օգտակար եղաւ յարգելի բժիշկին 2014-ին հրատարակած «Օսմանեան Կայս-րութիւնում, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնում եւ յարակից տարածքներում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանության ենթարկուած հայ բժիշկներ, կենսագ-րական բառարան» գիրքը: Մենք բարեկամացանք որպէս գործընկերներ եւ նոյնանման հետաքրքրութիւն ունեցող գրողներ: Ես պատիւը ունեցայ վայելելու բժիշկ Յարութիւն Մինասեանի հրատարակած գիրքերէն մի քանի հատը, որոնք նուէր ղրկուած էին յարգելի բժիշկին կողմէ:

Բժիշկ Յարութիւն Մինասեան ծնած է Երեւան 1952-ին, զաւակը բժիշկ Մեսրոպ Մինասեանի:

1970-1976 ան ուսանած է Երեւանի պետական բժշկական համալսարանը եւ վկայուած է որպէս բժիշկ: 1978-ին աւարտած է հոգեբուժութեան դասընթացքները եւ ստացած է հոգեբոյժի որակաւորում: 1978-1985 աշխատած է որպէս հոգեբոյժ, Երեւանի զանազան հիւանդանոցներուն մէջ: 1985-1986 աշխատած է Խորհրդային Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան բուժական-կանխարգելողական վարչութեան թմրաբանական բաժնի պետ։


Թանգարանէն բաժին մը

1988-1990 թուականներուն եղած է Երեւանի Լենինեան շրջգործկոմի առողջապահութեան բաժնի տեսուչ: 1994-1998 թուականներուն եղած է Երեւանի քաղաքապետարանի առողջապահութեան վարչութեան գլխաւոր հոգեբոյժը։ 2005-2006 աշխատած է Մխիթար Հերացիի անուան հոգեբուժութեան եւ բժշկական հոգեբանութեան ամպիոնին իբր գիտաշխատող

Ան վարած է զանազան բժշկական պատասխանատու պաշտօններ տարբեր- տարբեր հաստատութիւններու մէջ, օրինակի համար՝ Երեւանի թիւ 2 բժշկական ուսումնարանի «Նեարդային եւ հոգեկան հիւանդութիւններ» առարկայի դասատու, Երեւանի թիւ 11 օժանդակ գիշերօթիկ դպրոցի հոգեբոյժ, «Սթրես» հոգեկան առողջութեան հաստատութեան  Երեւանի Պետական Համալսարանի  հասարակական մասնագիտութիւններու բաժանմունքի հոգեբանութեան բաժնի դասախօս, երկրաշարժէ տուժածներու Երեւանի «Նայիրիտ» հիւանդանոցի հոգեբոյժ, հոգեբանական հետազօտութիւններու կեդրոնի նախագծի ղեկավար։

1976-1980 եղած է Երեւանի երիտասարդական երգչախումբի անդամ եւ այդ պատճառով շրջագայած է Խորհրդային Միութեան եւ արտասահմանեան շատ մը երկիրներ: Սեւանի եւ Սովետաշէնի հանրապետական հոգեբուժական հիւանդանոցներուն մէջ  կազմակերպած է հիւանդներէ եւ բուժաշխատողներէ կազմուած խառն երգչախումբեր։

1980-2004 մասնակցած է Երեւանի, Սուզդալի եւ Սէնթ Փեթերզպուրկի հանրապետական, միութենական եւ միջազգային շատ մը գիտաժողովներու։

1990-ին հրատարակուած է բժշկական ուղղուածութիւն ունեցող  «Նարեկ» թերթը։ Բժիշկ Յարութիւն Մինասեան իր գործուն մասնակցութիւնը  բերած է այս ամսաթերթի հրատարակութեան: Կարճ ժամանակ մը ետք, թերթը կը դադրի հրատարակուելէ: Բժիշկ Մինասեան 1992-99 իր ուսերուն առած է թերթի հրատարակութեան նիւթական եւ բարոյական պարտականութիւնը եւ դարձած է  ամսաթերթին տնօրէն-խմբագիրը:

2001-ին ան հիմնադրած եւ ղեկավարած է իր տեսակին մէջ եզակի կառոյց մը՝ «Հայ կենսագիրներու ակումբ»-ը, ուր ամսական դրութեամբ կը հանդիպին մեծ թիւով գիտնականներ, պատմաբաններ, բժիշկներ, մանկավարժներ, գրողներ եւ լրագրողներ: Տարի մը առաջ բժիշկ Յարութիւն Մինասեանի առաջարկով  մենք առցանց զրոյց-հանդիպում մը ունեցանք Հայ կենսագիրներու ակումբին հետ:

Բժիշկ Յարութիւն Մինասեան անդամ եղած է՝ հայկական հոգեբուժական ընկերակցութեան վարչութեան, Հայաստանի նեարդային հիւանդութիւններու ընկերակցութեան, Հայաստանի թղթակիցներու միութեան, «Առողջապա-հութիւն» հանդէսի խմբագրական խորհուրդին, «Բժշկական սեղմագրերի հայկական հանդէս»- ի խմբագրական-հրատարակչական խումբին եւ գիտաբժշկական գրադարանի գիտ-խորհուրդին։

Ան  ուսանողական տարիներուն գրած  է «Ապագայ բժիշկ» թերթին մէջ: Իսկ բժշկութիւնը աւարտելէ ետք գրած է՝ «Աւանգարդ», «Երեկոյեան Երեւան» եւ այլ թերթերու մէջ։

Ան հեղինակ է բժշկա-առողջապահական, բժշկապատմական, պատմագրական, ազգագրական, հոգեբանական, բանասիրական, հրապարակախօսական, կենսագրական մի քանի հարիւր յօդուածներու, որոնք տպագրուած են զանազան թերթերու ու հանդէսներու մէջ։

Հեղինակած է նաեւ տասնեակ մը գիտական, հոգեբուժական եւ գիտական բժշկապատմական յօդուածներ:

Այս բոլորին  զուգահեռ ան զբաղած է հայ բժշկութեան եւ յատկապէս հայ հոգեբուժութեան պատմութեան հարցերով։ Երկար տարիներու պրպտումներով պատրաստած է աշխարհի հայ բժիշկներու կենսագրականներու եւ լուսանկար-ներու պատկառելի արխիւ։

1992-ին ան խմբագրած է Վ. Դաւթեանի, «Հոգեբուժութիւն» եւ  «Հոգեբոյժը հրաւիրում է զրոյցի» գիրքերը ինչպէս նաեւ 2004-ին Յ. Յովասափեանի եւ Վ. Յովասափեանի «Ակնարկներ հայ բժշկութեան պատմութիւնից» գիրքը:

Բժիշկ Մինասեան 1976-ին իր բժշկութեան ասպարէզին կողքին սկսած է հաւաքել բժշկութեան հետ առնչուող հնամենի իրեր, գործիքներ, գիրքեր, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ: Անոր առաջին ցուցանմուշները եղած են վանեցի նախնիներէն մնացած կենցաղային իրերն ու կահկարասիները: Ան ստացած է բժիշկ հօրը հին գիրքերն ու ուսանողական տետրակները, ընտանեկան լուսանկարներն ու արխիւները: Ան Երեւանի Վերնիսաժի եւ հնոտիքի շուկայէն գնած է անթիւ իրեր, գիրքեր եւ գործիքներ: Ան յաջորդ տարիներուն նուէր ստացած է իր բարեկամներէն, ընկերներէն, գործընկերներէն, հիւանդներէն եւ անոնց հարազատներէն: Մեծ թիւով ցուցանիշներ հաւաքած է Հայաստանի դրացի երկիրներէն: Մինչեւ 1998 ան շարունակած է այս հաւաքի աշխատանքը եւ զետեղած է իրերը իր տան մէջ: 1999-ին Հայաստանի բուժհիմնարկի ղեկավարութեան աջակցութեամբ Երեւանի թիւ 11 «Պոլիկլինիկայի հոգեթերապիայի կաբինետ»-ի մէկ սենեակին մէջ 30 մեթր քարէ տարածութեան վրայ ստեղծուած է բժիշկ Յարութիւն Մինասեանի  հաւաքածոյի` «Հայ բժշկութեան թանգարան»-ը։ Բացումին ներկայ եղած են առողջապահութեան պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, գիտնականներ, հնագէտներ, բժշկապատմագէտներ, մամուլի պատասխանատուներ: Այդ օր պետական պատասխանատու անձնաւորութիւններ կը խոստանան աւելի ընդարձակ վայր եւ պետական հովանաւորում ապահովել Հայ բժշկութեան թանգարանին: Թանգարանը կը գրանցուի Հ․Հ․ մշակոյթի նախարարութեան մօտ: Թանգարանին մէջ կը ցուցադրուի տասը հազար ցուցանիշներէն միայն հինգ հազարը՝ տեղի չգոյութեան պատճառով եւ մնացեալ հինգ հազարը կը մնայ բժիշկին բնակարանը եւ իր բարեկամներու բնակարաններուն մէջ:

2016-ին հարցազրոյցի մը ընթացքին բժիշկ Յարութիւն Մինասեան ըսած է․-

«Իմ նպատակն է այս ամբողջ հաւաքածուն դարձնել մեծ թանգարանի, որը կը կոչուի Հայ բժշկութեան թանգարան, իսկ մենք նման թանգարան ունենալու ոչ միայն իրաւունք, այլ պարտաւորութիւն ունենք, քանի որ աշխարհում այն հնամենի ժողովրդներից մէկն ենք, որ ունի բազմադարեան բժշկութեան պատմութիւն: Քիչ ազգեր կարող են հպարտանալ 12-րդ դարի Մխիթար Հերացու գիրքով, որը  ոչ միայն մեծ աւանդ է հայ մշակոյթի, այլ նաեւ համաշխարահային: Դիմում եմ բազմաթիւ ատեաններ, առողջապահութեան նախարարութիւն, Երեւանի բժշկական համալսարան, մշակոյթի նախարարութիւն, անհատ մեծահարուստների, բայց մէկը չկայ, որ տրամադրի տարածք թանգարան ստեղծելու համար»։

 

Այս մտահոգութիւնը կը փարատի շուտով: 2016-ին իր զաւկին անձնական միջոցներով եւ անանուն  մեկենասի մը նիւթական օժանդակութեամբ բժիշկ Յարութիւն Մինասեան կը տիրանայ իր բնակարանին վերեւը գտնուող երեք սենեակնոց 65 քառակուսի մեթր տարածութեամբ յարկաբաժինի մը, որ մինչեւ օրս կը գործածուի որպէս Հայ բժշկութեան թանգարան: Հոն զետեղուած են բժիշկ Մինասեանին հաւաքած շուրջ 30 000–40 000 ցուցանմուշները, որոնք յարգելի բժիշկը անցնող 30 տարիներու ընթացքին գնած է իր նիւթական միջոցներով եւ կամ ստացած է որպէս նուէր:

Թանգարանի շատ արժէքաւոր ցուցանիշներէն եղած են հետեւեալները՝ Մեծամօրէն բերուած 5000 տարուան վնասուած սափորը, Գորիսէն բերուած պեղածոյ կաւէ սրուակները, Արտաշատի Ժրահովիտ գիւղի պեղումներէն յայտնաբերուած մարդու 4000-ամեայ կմախքը, 100–200 տարի առաջ տարբեր քաղաքներ տպագրուած Նարեկներու հաւաքածուն, Պետրոս Քալանթարեանի 1793 թուականի Նոր Նախիջեւան տպագրուած «Բժշկական համառօտ» գիրքը, Մխիթար Հերացիի 12-րդ դարուն գրուած եւ 1832-ին Վենետիկ տպագրուած  «Ջերմանց մխիթարութիւն» աշխատութիւնը եւ շատ մը հայ, ռուս եւ այլ երկիրներու հպատակ անուանի բժիշկներու գիրքեր, հնատիպ հրատարա-կութիւններ, ձեռագիր մատեաններ, աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ հրատարակուած 100–150 տարուան հնութիւն ունեցող հայկական բժշկական պարբերականներ եւ հայ բժիշկներու լուսանկարներ, կենսագրութիւններ, սփիւռքահայ բժիշկներու վերաբերող նիւթեր:

Թանգարանին մէջ տեղ գտած են նաեւ 18–20-րդ  դարերէն հաւաքուած  հայերէն եւ ռուսերէն մօտ 1000 բժշկական գիրքեր, բժշկական եւ դեղագործական գործիքներ, բժշկական փաստաթուղթեր, դեղասրուակներ, կահկարասի, հայ բժիշկներու անձնական իրեր, արխիւներ, լուսանկարներ (շուրջ 5000 հատ), պեղածոյ նիւթեր, խեցեղէն եւ մի քանի հազարամեայ հնութիւն ունեցող մասունքներ:

Թանգարանին մուտքը այցելուներուն համար մինչեւ օրս եղած է անվճար: Թանգարանին հասցէն է՝ Շէնգաւիթ, Արշակունեաց պողոտայ 44/1.

Հոս տեղին է յիշել, որ Հայաստանի մէջ պետական բժշկական թանգարան գոյութիւն չունի: Բժիշկ Յարութիւն Մինասեանին անձնական թանգարանը միակն է Հայաստանի մէջ:

Բժիշկ Յարութիւն Մինասեան հրատարակած է հետեւեալ 13 գիրքերը.

  1. 100 հայ հոգեբոյժներ, Կենսագրական բառարան, Գիրք Ա (1-ին հարիւրեակ), Երեւան, 2002, 224 էջ:
  2. Հարիւր հայ հոգեբոյժներ, Կենսագրական բառարան, Գիրք Բ (2-րդ հարիւրեակ), Երեւան, 2004, 256 էջ:
  3. Հարիւր հայ հոգեբոյժներ, Կենսագրական բառարան, Գիրք Գ (3-րդ հարիւրեակ), Երեւան, 2005, 256 էջ:
  4. 100 հայ հոգեբոյժներ, Կենսագրական բառարան, Գիրք Դ (4-րդ հարիւրեակ), Երեւան, 2009, 240 էջ:
  5. 100 հայ հոգեբոյժներ, Կենսագրական բառարան, Գիրք Ե (5-րդ հարիւրեակ), Երեւան, 2010, 304 էջ:
  6. 100 հայ հոգեբոյժներ, Կենսագրական բառարան, Գիրք Զ (6-րդ հարիւրեակ), Երեւան, 2021, 180 էջ:


Բժիշկ Յարութիւն Մինասեանի մտասեւեռումը եղած է մոռացութենէ փրկել Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայ բժիշկներու անունները, անոնց իրագործումները ինչպէս նաեւ զարգացնել հայ բժշկագիտութեան պատմագիտութիւնը: Այս մտահոգութենէ՛ն մղուած ան  հրատարակած է վերոնշեալ գիրքերը:

Այդ շարքի 6 հատորներուն մէջ բժիշկ Յարութիւն Մինասեան  ներկայացուցած է, այբուբենական կարգով, Հայաստանի եւ աշխարհի այլ երկիրներու մէջ անցեալին եւ ներկայիս ապրող հայ հոգեբոյժներու համառօտ կենսագրականներն ու լուսանկարները: Այս վեց հատորներուն մէջ հոգեբոյժներու կողքին ներկայացուած են նաեւ յարակից մասնագիտութիւններու անդամներուն կենսագրութիւնները:

7. 16–19-րդ դարերի լեհահայ բժիշկներ, կենսագրական բառարան, Ե., 2001, 62 էջ (շուրջ 30 անուն):

Գիրքը կը ներկայացնէ 16–19 րդ դարերուն Լեհաստանի հայ գաղթօճախներու մէջ ապրած 29 հայ բժիշկներու եւ դեղագործներու կենսագրութիւնները եւ անոնց կատարած իրագործումները: Այս 29 հայ բժիշկները իրենց բժշկական ասպարէզին կողքին մեծ աւանդ ունեցած են Լեհաստանի եւ համաշխարհային գիտութեան, մշակոյթին եւ զանազան արհեստագիտական մարզերուն մէջ: Անոնց աշխատանքով հիմնադրուած են հիւանդանոցներ եւ դեղատուներ:

 

 Բժիշկ Յարութիւն Մինասեանի «100 Հայ հոգեբուժներ» շարքին չորս գիրքերը «16–19-րդ դարերի լեհահայ բժիշկներ» գիրքին շապիկը

 «100 Հայ հոգեբուժներ» շարքին չորս գիրքերը                    «16–19-րդ դարերի լեհահայ բժիշկներ» գիրքին շապիկը

                                 
1579-ին Իլովի (այժմ Լվով) մէջ, ուր ապրած են միայն 60 հայ ընտանիքներ, հիմնադրուած է հայկական հիւանդանոցը: Հոն բեղուն գործունէութիւն ունեցած են անուանի հայ բժիշկներ եւ դեղագործներ: Այս հիւանդանոցի հիմնադրու-թիւնը իրականացած է հայ բարերար Բոգդան Դոնովակովիչի գնած   երկու տուներու նուիրատւութեամբ:  Հիմնադրութենէն ետք հիւանդանոցը պահուած է հայ համայնքի նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեամբ:

1575-ին Կամենց քաղաքին մէջ ապրած է 300 հայ ընտանիք: Ադ շրջանին հայերը շինած եւ պահպանած են փայտաշէն համայնքային հիւանդանոց մը, որ 1614-էն ետք վերածուած է քարաշէն հիւանդանոցի եւ գործած է ամբողջ երկու հարիւր տարի:

  8. Հայազգի բժիշկ-գործիչներ, Կենսագրական բառարան, (430 անուն), Ե., 2020, 556 էջ.

«Հայազգի բժիշկ-գործիչներ» գիրքը կը խօսի  համառօտ կերպով աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ անցեալին ապրած եւ ներկայիս  ապրող  մօտ 500 հայազգի բժիշկներու մասին,  որոնք ունեցած են բարձրագոյն զինուորական կոչումներ, վարած են պետական բարձր պաշտօններ, եղած են պետական, գիտական, ռազմական, քաղաքական, հասարակական ակնառու գործիչներ:  Լիբանահայ բժիշկներէն  յիշատակուած են հետեւեալները՝ Բաբգէն Փափազեան, Մելքոն Էպլիղաթեան, Անդրանիկ Մանուկեան, Եղիկ Ճերեճեան, Նուրիճան Տէմիրճեան, իսկ ատամնաբուժներէն՝ Ատուր Գապագեան եւ Սեպուհ Յովնանեան:

   9. Արդի 100 հայ բժիշկ-գրողներ, Ե., 2021, 212 էջ.

Այս գիրքը կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին 2000 թուականի դրութեամբ ապրող եւ ստեղծագործող հայ  բժիշկ գրողներու ամփոփ կենսագրութիւնները: Այս բժիշկները իրենց հիմնական ասպարէզին կողքին զբաղած են այլ ստեղծագործական աշխատանքով: Անոնք եղած են արձակագիրներ, բանաստեղծներ, հրապարակախօսներ, եւ լրագրողներ:
«Հայազգի բժիշկ-գործիչներ» եւ․․․
«Արդի 100 հայ բժիշկ-գրողներ» գիրքերուն շապիկները

   10. 11 բռնադատուած հայ բժիշկներ, 1920–1954 թթ., կենսագրական բա-ռարան», 2006։

Բժիշկ Յարութիւն Մինասեան  248 էջերու մէջ կը ներկայացնէ 111 բռնադատուած բժիշկներու ոդիսականը: Այս գիրքի հրատարակումէն ետք յարգելի բժիշկը կարողացած է հաւաքել բռնադատուած 300 ուրիշ բժիշկներու կենսագրականները: Կը սպասուի որ ան շուտով նոր հրատարակութեամբ մը լոյս աշխարհ բերէ այս 300 բժիշկներուն բռնադատման թաքուն իրողութիւնները:

   11.  Հոգեբոյժ Յարութիւն Մինասեանը պատասխանում է ձեր 1000 ու մի հարցերին, գիրք Ա, Երեւան, 2007, 112 էջ։

Այս գիրքով հեղինակը կը փորձէ որոշ տեղեկութիւններ փոխանցել հանրու-թեան առողջապահական հարցերու մասին ինչպէս նաեւ օգտակար դառնալ մարդոց բժշկական եւ առողջապահական մտահոգութիւններուն:

    12. Լաւ է կոյր աչօք, քան կոյր մտօք, ականաւոր կոյր հայեր, կենսագրական բառարան, 2012, 336 էջ։

Այս իր տեսակին մէջ եզակի հրատարակութիւնը բժիշկ Մինասեանի շարունակական եւ հետեւողական պրպտումներուն եւ պեղումներուն պտուղն է: Ան այս գիրքին միջոցով մեզի կը ներկայացնէ աւելի քան 146  աչազուրկ (տեսողութիւնը կորսնցնող) տաղանդաւոր երաժշտագէտներու, բանահաւաքներու, դաշնակահարներու, հասարակական գործիչներու, արուեստագէտներու, մանկավարժներու, լեզուաբաններու, բանասէրներու, գրագէտներու, թարգմանիչներու, գիտնականներու, իրաւաբաններու կենսագրութիւնները եւ անոնց արժանավայել ձեռքբերումները, ինչպէս նաեւ ան կ’ուզէ մեզի փոխանցել այս յարգելի եւ շնորհաւորելի աչազուրկ անձնաւորութիւններուն աննկուն կամքի ու կորովի տիրապետած ըլլալը:

    13. Օսմանեան Կայսրութիւնում, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնում եւ յարակից տարածքներում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ. Կենսագրական բառարան, 2014, 520 էջ։

 


Բժիշկ Յարութիւն Մինասեանի այս մեծածաւալ եւ վիթխարի աշխատասիրութիւնը լոյս կը սփռէ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին մօտա-ւորապէս 470 բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու ոդիսականին վրայ: Անոնց մեծ մասը նահատակուած են, մաս մը ժանտախտի պատճառով մահացած են եւ մաս մըն ալ ստոյգ մահէ ազատած են եւ վերապրած: Գիրքը փաստագրական հարուստ բովանդակութիւն ունի եւ կը նպաստէ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն:

 

Որպէս վերջաբան կը մէջբերեմ որոշ բաժին մը Բժիշկ Յարութիւն Մինասեանի հետեւեալ գրութենէն՝

«ՔԱՂԱՔԱԿԻՐԹ ԱԶԳ ՉԵՆՔ ԴԱՌՆԱՅ»

  • Քանի դեռ ակտիւիստին կը ձերբակալենք, պասսիւիստին կը պարգեւատրենք,
  • Քանի դեռ աւելի շատ ծառ կը կտրենք, քան կը տնկենք,
  • Քանի դեռ բժիշկին կը տանք ցածր աշխատավարձ եւ կը պահանջենք բարձր աշխատանքային որակ,
  • Քանի դեռ բժիշկը կը ստանայ 50 000, իսկ քննիչը 500 000 դրամ աշխատավարձ,
  • Քանի դեռ թանկարժեք աղբը այրելով կապականենք մեր շնչելիք օդը,
  • Քանի դեռ Ծաղկաձորը առողջարանային քաղաք կը հռչակենք, իսկ կողքին ցեմենտ կ՚արտադրենք,
  • Քանի դեռ ծխախոտին կը տանք 1000, իսկ լրագրին կը խնայենք 100 դրամը,
  • Քանի դեռ Հայաստանը թողած կը շէնացնենք Ամերիկայի ու Ռուսաստանի տափաստանները,
  • Քանի դեռ մարզերի յուշարձաններին այցելելու փոխարէն, յուշարձանները կը բերենք մայրաքաղաք,
  • Քանի դեռ մեծահարուստների չաշխատավարձը կ՚աւելացնենք, իսկ գործա-զուրկների աղքատանպաստը կը վերացնենք,
  • Քանի դեռ քարուքանդ ճանապարհները թողած կը նորոգենք նորոգ ճանապարհները,
  • Քանի դեռ ոստիկանութիւնը կը պաշտպանի յուշարձանները քանդողների ու ապօրինի կառուցապատողների շահերը,
  • Քանի դեռ չենք գիտակցել, որ երկրի մնայուն հարստութիւնը ազգի առողջութիւնն է,
  • Քանի դեռ սփիւռքահայը հիւանդանոց կը կառուցի Արթիկում, իսկ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարը` Սոչիում,
  • Քանի դեռ քաղաքապետը քաղաքացիների շահերի փոխարէն կը պաշտպանի երթուղային գծատէրերի շահերը,
  • Քանի դեռ քարուքանդ երկիրը շինել-կառուցելու փոխարէն կ՚անենք «շինիչ» առաջարկութիւններ ու կ՚ընդունենք «կառուցողական» որոշումներ,
  • Քանի դեռ օրէնք կ՚ընդունենք «Բժշկի ազատ ընտրութեան մասին», իսկ գիւղացի կնոջը կ՚արգելենք ծննդաբերել մայրաքաղաքում,
  • Քանի դեռ Կրթութեան նախարարը կը լինի բժիշկ, Մշակոյթինը` կենսաբան, Սփիւռքինը` մաթեմատիկոս,
  • Քանի դեռ Տարօնը կը դառնա պարոն, շոֆերը` գեներալ, Լիցկան` դոկտոր, Վարդանիկը` ակադեմիկոս, Գեղամեանը` դհոլ, Գալուստը՝ օրէնսդիր, Տէրտէրը` գործարար,
  • Դէ ե՛կ, վարդապե՛տ, ու մի խենթանար:
 

Աղբիւրներ՝

  • Ալիք օրաթերթ, Նոր փաստագրական գիրք Հայոց ցեղասպանութեան մասին, Թեհրան, 05-07-2015.
  • Անձնական տեղեկութիւններ բժիշկ Յարութիւն Մինասեանէն (2017-2021).
  • Ձայն համշենական, ամսաթերթ, Փաստագրական նոր գիրք հայոց ցեղաս-պանութեան մասին, Երեւան, Մարտ-Ապրիլ 2015.
  • Մարտիրոսեան, Մայրենի, Բժիշկը 15 տարի պայքարում է հայ բժշկութեան թանգարանի տարածքի համար, Հետք, Երեւան, 22 Օգոստոս 2014.
  • Վիքիպետիա, Յարութիւն Մինասեան (հոգեբոյժ).
  • Տէր Մինասեան, Վահէ, հարցազրոյց բժիշկ-հոգեթերապետ Յարութիւն Մի-նասեանի հետ, Սալուտեմ-առողջ ապրելակերպի ամսագիր, Երեւան, 20-05-2008.
  • Փափազեան, Շուշանիկ, Թաքնուած գանձեր, Երեւանի բժշկութեան թանգա-րան, Երեւան, 17-09-2021.

Հեղինակ. Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Մոնրէալ
Սկզբնաղբյուր. hairenikweekly.com
med-practic.com կայքի ադմինիստրացիան տեղեկատվության բովանդակության համար

պատասխանատվություն չի կրում
Loading...
Share |

Հարցեր, պատասխաններ, մեկնաբանություններ

Կարդացեք նաև

Եթե բժիշկն ասաց, որ ամեն ինչ գիտի, ուրեմն սպառվել է որպես մասնագետ. Արեգ Սեփյան
Եթե բժիշկն ասաց, որ ամեն ինչ գիտի, ուրեմն սպառվել է որպես մասնագետ. Արեգ Սեփյան

«Արմենիա» հանրապետական բժշկական կենտրոնի դիմածնոտային վիրաբուժության բաժանմունքի ղեկավար, դիմածնոտային վիրաբույժ, բժշկական գիտությունների թեկնածու, դոցենտ Արեգ Սեփյանը զբաղվում է դիմածնոտային...

Ապրիլի 3-ին ծնվել է ռուս բժիշկ, ծանր ատլետ, ողնուղեղային վնասվածքներով հիվանդների ռեաբիլիտացիայի մեթոդիկայի հեղինակ Վալենտին Դիկուլը
Ապրիլի 3-ին ծնվել է ռուս բժիշկ, ծանր ատլետ, ողնուղեղային վնասվածքներով հիվանդների ռեաբիլիտացիայի մեթոդիկայի հեղինակ Վալենտին Դիկուլը

Վալենտին Իվանովիչ Դիկուլը ծնվել է 1948 թ. ապրիլի 3-ին Կաունաս (Լիտվա) քաղաքում: Ծնողների մահվան պատճառով տղան ապրել է մանկատանը: Այնտեղ նա սովորել է ձեռնածություն և ակրոբատիկա...

Պատմության էջերից Հիշարժան օրեր, տարեթվեր, տոներ
Հայաստանում բժշկական ապահովագրության ներդրումը` արդի պահանջ. հարցազրույց ՀԲԱ նախագահ Արմեն Սողոյանի հետ
Հայաստանում բժշկական ապահովագրության ներդրումը` արդի պահանջ. հարցազրույց ՀԲԱ նախագահ Արմեն Սողոյանի հետ

Դեռևս 2019 թ. դեկտեմբերին կայացած Հայկական բժշկական ասոցիացիայի և առողջապահության ոլորտի մասնագիտական ասոցիացիաների համատեղ կազմակերպված խորհրդաժողովի ընթացքում քննարկվեց...

Հրատապ թեմա Հայաստանում
Գիրք բժիշկ-գրողների մասին կամ ինչ է բժշկական տրուենտիզմը
Գիրք բժիշկ-գրողների մասին կամ ինչ է բժշկական տրուենտիզմը

Որպես հասարակության մշակույթի և զարգացման կարևոր երևույթ «տրուենտիզմ» հասկացությունը ի հայտ է եկել 1936 թ., երբ բրիտանացի անվանի վիրաբույժ լորդ Բյորկլի Մոյնիգանը (1865-1936) Քեմբրիջի համալսարանում կարդացած...

Դեկտեմբերի 22-ին ծնվել է ռուս սրտային վիրաբույժ, գիտնական և բժշկական գիտության կազմակերպիչ Լեո Բոկերիան
Դեկտեմբերի 22-ին ծնվել է ռուս սրտային վիրաբույժ, գիտնական և բժշկական գիտության  կազմակերպիչ Լեո Բոկերիան

Բոկերիան աշխարհի այն քիչ սրտավիրաբույժների շարքին է դասվում, ովքեր կատարում են սրտի հետ կապված վիրահատությունների հայտնի արսենալ՝ ամենատարբեր ախտահարումների դեպքում: Վիրահատություններից շատերն այսօր աշխարհում չունեն...

Հանրահռչակ բժիշկերի կյանքից Հիշարժան օրեր, տարեթվեր, տոներ
«Մասնագիտությունը՝ բժիշկ» շարքից. հարցազրույց «Արմենիա» ՀԲԿ վիրաբույժ Գևորգ Սիմոնյանի հետ. armeniamedicalcenter.am
«Մասնագիտությունը՝ բժիշկ» շարքից. հարցազրույց «Արմենիա» ՀԲԿ վիրաբույժ Գևորգ Սիմոնյանի հետ. armeniamedicalcenter.am

Մանկության երազանքին` հավատարիմ

«…սա իմ կոչումն է, ես չեմ նայել գնահատված-չգնահատված լինելուն, աշխատել եմ բժշկի երդմանը հավատարիմ»...

Բժշկի ընդունարանում
«Լավ վիրաբույժը պետք է նաև լավ մարդ լինի». Հովհաննես Սարուխանյան. Սալուտեմ ամսագիր №3
«Լավ վիրաբույժը պետք է նաև լավ մարդ լինի». Հովհաննես Սարուխանյան. Սալուտեմ ամսագիր №3

Խոստովանում է՝ եթե նորից վիճակվեր ընտրություն կատարել, ապա կրկին բժշկի մասնագիտությունը կընտրեր։ Իր հաջողությունների ու ձեռքբերումների, հաղթահարած դժվարությունների մասին վաստակաշատ...

Բժշկի ընդունարանում Սալուտեմ 3.2021
«Ասացի՝ ուզում եմ սրտաբան դառնալ, որ բուժեմ պապիկիս հիվանդությունից ունեցող մարդկանց». Սարգիս Կիրամիջյան. Սալուտեմ ամսագիր №3
«Ասացի՝ ուզում եմ սրտաբան դառնալ, որ բուժեմ պապիկիս հիվանդությունից ունեցող մարդկանց». Սարգիս Կիրամիջյան. Սալուտեմ ամսագիր №3

Մեր հայրենակից Սարգիս Կիրամիջյանը, որ բնակություն է հաստատել ԱՄՆ-ում, իր մասնագիտական ուղին մանուկ հասակում է ընտրել։ Փոքրիկ Սարգսի վրա խոր ազդեցություն էր թողել սիրելի պապիկը, որ երկար տարիներ տառապում էր...

Բժշկի ընդունարանում Սալուտեմ 3.2021
Եթե բժիշկն ասաց, որ ամեն ինչ գիտի, ուրեմն սպառվել է որպես մասնագետ
Եթե բժիշկն ասաց, որ ամեն ինչ գիտի, ուրեմն սպառվել է որպես մասնագետ

«Արմենիա» հանրապետական բժշկական կենտրոնի դիմածնոտային վիրաբուժության բաժանմունքի ղեկավար, դիմածնոտային վիրաբույժ, բժշկական գիտությունների թեկնածու, դոցենտ Արեգ Սեփյանը զբաղվում է դիմածնոտային...

Բժշկի ընդունարանում
Իմ պացիենտներն իմ հարազատներն են. Հայկ Բալայան. «Արամյանց» ԲԿ
Իմ պացիենտներն իմ հարազատներն են. Հայկ Բալայան. «Արամյանց» ԲԿ

Վիրաբուժությունը երկար ու դժվար ուղի է: Բժշկական գիտելիքներից ու վիրաբուժական ունակություններից բացի այստեղ պահանջվում են ուժեղ կամային հատկություններ, համբերություն ու սեր մասնագիտության հանդեպ...

Սրտաբանի մոտ խորհրդատվության ժամանակ. nairimed.com
Սրտաբանի մոտ խորհրդատվության ժամանակ. nairimed.com

«Նաիրի» բժշկական կենտրոնի սրտաբանների կողմից մշտապես հսկվում են ամենատարբեր սրտաբանական խնդիրներ ունեցող պացիենտներ (առիթմիաներ, զարկերակային գերճնշման խնդիրներ, սրտամկանի կաթված...

Սրտանոթաբանություն Բժշկի ընդունարանում
«Մի՛ վնասիր» սկզբունքը բժշկի համար պետք է լինի առաջնային». Միքայել Նարիմանյան. Սալուտեմ ամսագիր №2
«Մի՛ վնասիր» սկզբունքը բժշկի համար պետք է լինի առաջնային». Միքայել Նարիմանյան. Սալուտեմ ամսագիր №2

Մեր զրուցակիցն է ԵՊԲՀ Ընտանեկան բժշկության ամբիոնի վարիչ, բժշկագիտության դոկտոր, պրոֆեսոր Միքայել Նարիմանյանը...

Բժշկի ընդունարանում Սալուտեմ 2.2021
«Բժշկի ուղին սրտի կանչով եմ ընտրել». Սամսոն Խաչատրյան. Սալուտեմ ամսագիր №2
«Բժշկի ուղին սրտի կանչով եմ ընտրել». Սամսոն Խաչատրյան. Սալուտեմ ամսագիր №2

Մեր զրուցակիցն է ՀՀ ԱՆ նյարդաբանության գծով խորհրդատու, Առողջապահության ազգային ինստիտուտի Նյարդաբանության և նեյրովիրաբուժության ամբիոնի վարիչ, նյարդաբան, սոմնոլոգ Սամսոն Խաչատրյանը.:...

Բժշկի ընդունարանում Սալուտեմ 2.2021
Աշխատանքային գործընկերներից՝ մարտական ընկերներ. Սալուտեմ ամսագիր №2
Աշխատանքային գործընկերներից՝ մարտական ընկերներ. Սալուտեմ ամսագիր №2

«Ավագյան» բժշկական կենտրոնի 4 բժիշկ պատահաբար գործընկերներ դարձան նաև հոսպիտալում:
Արցախյան 44-օրյա պատերազմի ընթացքում գրեթե բոլոր բուժհաստատությունները և բուժաշխատողների...

Բժշկի ընդունարանում Սալուտեմ 2.2021

Notice: Undefined index: HTTP_X_FORWARDED_FOR in /sites/med-practic.com/classes/flud_class.php on line 33

ԱՄԵՆԱԸՆԹԵՐՑՎԱԾ ՀՈԴՎԱԾՆԵՐԸ